2010-08-26 13:19:30

ԼՂՀ ի Նախագահ` Բակօ Սահակեանի Այցելութիւնը Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին- Պէյրութ, Լիբանան


Երկուշաբթի 23 օգոստոս 2010, կէսօրուայ ժամը 12:00ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը` Բագօ Սահակեան, ընկերակցութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան՝ պրն. Աշոտ Քոչարեանի, Ա.Հ. կրթութեան եւ գիտութեան նախարար պրն. Վլատիկ Խաչատրեանի, Լիբանանի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ՝ պրն. Կարօ Քեպապճեանի, Ա.Հ. նախագահի խորհրդական՝ պրն. Արմէն Իսակուլհովի եւ Ա.Հ. նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ՝ պրն. Դաւիթ Պապայեանի, այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը: Հանդիպումին ընթացքին ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը բարի գալուստի խօսք ուղղեց նախագահին, որուն ընթացքին շեշտեց Սփիւռք-Արցախ սերտ յարաբերութեան վրայ, նշելով մասնաւորապէս իր հայրապետական այցելութիւնը, զոր կատարեց 2006-ին դէպի Արցախ: Հոգեւոր տէրը անդրադարձաւ նաեւ Վատիկանի հրապարակին մէջ զետեղուած սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի արձանին բացման արարողութեան մասին, որուն ներկայ էին տարբեր անձնաւորութիւններ, ներկայացուցիչներ տարբեր համայնքներէ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու մեծ բազմութիւն մը ժամանած այլ երկիրներէ, ինչ որ ցոյց կու տայ միասնականութեան պատկերը մեր հայ ժողովուրդին: Հոգեւոր տիրոջ խօսքէն ետք, նախագահը իր անկեղծ տպաւորութիւնները յայտնեց այս իր այցելութեան մասին: Ան մատնանշեց նաեւ Ղարաբաղը մտահոգող տարբեր հարցեր, կոչ ուղղելով բոլորին որ օգնութեան հասնին բարելաւելու համար իրավիճակը մեր հայ ազգի զաւակներուն: Նախագահին խօսքէն ետք, կարճ զրոյց մը տեղի ունեցաւ ներկաներուն հետ: Այցելութեան աւարտին, հոգեւոր տէրը եւ նախագահը իրարու փոխանակեցին յիշատակի նուէրներ, որմէ ետք նախագահը իր սրտի մաղթանքը արձանագրեց պատրիարքարանի ոսկեմատեանին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.